2013-02-15 13:02:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ճառը` ''Սուրբ Պետրոսի Աթոռի Ի Նպաստ'' Հիմնարկի Անդամներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 15 փետրուարի առաւօտեան, ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի Աթոռի ի նպաստ հիմնարկի 45 անդամներուն։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ներկաները ու ապա մատնանշեց ''Հաւատոյ Տարուան'' որ - ըսաւ Ան - մեզ կը հրաւիրէ ճշմարիտ ապաշխարութեան մեր Տէր Յիսուսի, աշխարհի միակ Փրկիչը։ Հաւատքը, ողջ իրողութիւն մըն է, որ պէտք ենք մշտապէս բացայայտել ու խորացնել որպէսզի աճի։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց ''Հաւատոյ Դուռ'' իր շրջաբերական թուղթին ու խօսելով ''բարեսիրութեան'' մասին ըսաւ. '' Ամէն մէկ եղբօր հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն վկայութիւնն է որ իսկական իմաստ կու տայ քրիստոնէական սիրոյն։ Ողորմածութեան ամէն գործ արտացոլումն է Աստուծոյ մարդոց հանդէպ սիրոյն որուն միջոցաւ Աւետարանը կը հռչակուի։
Քառասնորդացի այս շրջանի ընթացքին եղբայրսիրութեան արտայայտութիւնները, առիթ ըլլան, իւրաքանչիւրին, յառաջանալու դէպի Քրիստոս, դէպի Անոր որ երբէք չի դադրիր մարդոց հետ հանդիպելէ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը եզրափակեց ըսելով. ''Սիրելի բարեկամներ ձեր այս ուխտագնացութիւնը զօրացնէ ձեր կապը Քրիստոսի հետ եւ վերակենդանացնէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով ստացած շնորհքները։ '' Ան ապա Տիրամօր բարեխօսութեան յանձնեց ներկաներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները եւ ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.